2011-02-23 15:55:47

Լիբանանի Մօտ Առաքելական Դեսպանի Գնահատումով` Լիբանանը Տիպար Է Շրջանի Երկիրներուն։


Գերապայծառ Գաբրիէլ Գաչիա` առաքելական դեսպանը Լիբանանի մօտ, պատրիարքներու ժողովին խօսք առնելով մատնանշեց թէ Լիբանանը կարելի է նկատել որպէս ՜՜օրինակ շրջանի երկիրներուն՝՝։ Իր ժողովուրդի սահմանադրութեամբ ինչպէս նաեւ անոր աւանդութեամբ, Լիբանանը կրօնքի ազատութեան օրինակ է։ Մինչ ականատես ենք Միջին Արեւելքի յեղաշրջումին, Լիբանանը կրնայ դառնալ ''ներշնչումի աղբիւր''։ Նշենք թէ Լիբանանի մէջ կ'ապրի շրջանի մեծագոյն քրիստոնեայ հասարակութիւնը, բաղտատմամբ իր բնակչութեան։
Արդարեւ՝ 4,1 միլիոն բնակչութեան 40 տոկոսը քրիստոնեայ է. ըլլան անոնք ՜՜մարոնիթ, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս յոյներ, ասորիներ ու հայեր։ Ազգային սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ պաշտօնեաներու բաշխումը իւրաքանչիւր համայնքի թիւին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.